ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՃԱՇԵՑԻՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մշակնե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը նա­խըն­թաց օր հա­մախմ­բուեցան Մաչ­քա­յի «Chocolate Bistro»ին մէջ։ Այս հա­ւա­քոյ­թի պա­տուոյ հիւ­րե­րը ե­ղան վար­ժա­րա­նի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի Ե­րա­մեան եւ նախ­կին փոխ-տնօ­րէն Ա­լի Տո­ղան Կիւ­նէշ, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ վաս­տակ ներդ­րած էին դպրո­ցին հա­մար։ Հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Է­րօլ Չը­նար հան­դէս ե­կաւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տեց իր յար­գան­քը Ա­նի Ե­րա­մեա­նի եւ Ա­լի Տո­ղան Կիւ­նէ­շի նկատ­մամբ եւ դրուա­տի­քով շեշ­տեց ու­սուց­չա­կան կազ­մին կող­մէ ծա­ւա­լուած բեղուն աշ­խա­տան­քը։ Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ ներ­կայ կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած էին նաեւ յու­շա­նուէր­ներ։

Ա­ւե­լի վերջ, ճա­շա­սե­ղա­նի շուրջ հա­ւա­քոյ­թը շա­րու­նա­կուե­ցաւ անմի­ջա­կան զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015