ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը երէկ տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Շաբաթավերջին նշուեցաւ նաեւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։

Երէկ առաւօտ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Անի Սազաքի։ Տեղապահ սրբազան հայրը, որ տուաւ օրուան պատգամը, Ս. Պատարագի ընթացքին աւագութիւն շնորհեց Թոփգաբուի հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի (Մանրամասնութիւնները՝ վաղուան  թիւով)։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ վարժարանէն աշակերտներ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Յաւարտ արարողութեան յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հաւաքոյթին եւս նախագահեց նորին սրբազնութիւնը։ Սիրոյ սեղանին ժամանակ իրեն միացան նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, արդէն ներկայ էր նաեւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ներկայ էին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան եւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Պարոն Նալպանտի։ Ելոյթ մը ունեցաւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը, որ տեղեկութիւններ տուաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կացութեան մասին։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ աշակերտները ներկայացուցին խմբերգներ՝ Գարին Սուսմաքի մականին ներքեւ։ Կարին Մարտիկեանի հսկողութեան ներքեւ տղաքը ներկայացուցին նաեւ պարեր։ Արտասանեցին Էլայ Չըրաք, Աշոտ Պօղոսեան եւ Ալիսիա Տումանօղլու։ Տղաքը հանդէս եկան նաեւ խմբային արտասանութիւնով մը։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ տեղապահ սրբազան հօր հուսք բանքով եւ աղօթքով։

                     

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017