ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՊԱՊԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Պապական փոխանորդի տեղակալ Մոնս. Լորենցօ Փիրեթթօ Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային Մոնս. Նիքոլաոս Վիրվոլ եւ Հայր Կուէնոլէ Վարդապետը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հանդիպման ընթացքին Մոնս. Լորենցօ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց մասնակցիլ՝ Իսթանպուլի նորանշանակ պապական փոխանորդի գահակալութեան արարողութեան, որ նախատեսուած է յառաջիկայ դեկտեմբերի 18-ին։ Նորանշանակ փոխանորդը՝ Հայր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ յառաջիկային Իտալիոյ մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ վերջ պիտի ժամանէ քաղաքս։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար ու խոստացաւ կարելիութեան պարագային մասնակցիլ արարողութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկայ շրջանին եւս Վատիկանի Իսթանպուլի ներկայացուցչութեան եւ Պատրիարքական Աթոռի դրական կապերը կը շարունակուին ամրապնդուելով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021