ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆՈՒԻՐԵՑ ԻՐ ԳԻՐՔԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըն, որ իրեն նուիրեց «Sevan Bıçakcı, The Timekeeper» գեղատիպ հատորէն օրինակ մը։ Այցելութեան ընթացքին յայտնի վարպետին կ՚ընկերանար գործարար Տողան Էրպէք, որ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կը բնակի։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ բարձր գնահատեց Սեւան Պըչաքճըի վաստակն ու ստեղծագործութիւնը, ինչ որ այլեւս ամբողջ աշխարհի մէջ ծանօթ է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ուրախութիւն յայտնեց արտասահմանէն ժամանած յարգելի հիւրին հետ ծանօթանալուն բերումով։

Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ հիւրերը ծանօթացան Պատրիարքարանի պատմական շէնքին՝ մանաւանդ շրջելով թանգարանը, ուր իրենց ուղեկցեցաւ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021