ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքապետական խորհուրդէն Պիւշրա Ունճու Էօզթէն։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։

Նկատի ունենալով, որ Ֆաթիհ գաւառակի սահմաններէն ներս կը գտնուին բազմաթիւ համայնքային կառոյցներ՝ Էրկիւն Թուրան երէկուան զրոյցի ընթացքին նշեց, որ պատրաստակամ է մեր հաստատութիւններուն օժանդակել, ըստ քաղաքապետարանի կարելիութեանց։ Ան տեղեկութիւններ տուաւ քաղաքապետարանի կողմէ կեանքի կոչուած մշակութային ծրագրերուն շուրջ՝ յատկապէս հանրային գրադարաններու հաստատման կտրուածքով։ Թուրան Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց այցելել քաղաքապետարանի մեծագոյն գրադարանը՝ ընդգծելով, որ 400 ընթերցողի տարողութեամբ ընթերցասրահը կը գործէ շուրջօրեայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել առաջին յարմարագոյն առիթով։

Հիւրերը, միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւն յայտնեցին նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի անժամանակ կորուստին առթիւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած զգայնութեան համար։

Եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը երկար ժամանակէ ի վեր կը ջանայ դրական արդիւնք ապահովել Ֆաթիհի քաղաքապետութենէն, սակայն, Գումգաբուի աղբիւրներու երէկուան հանդիպման մասին հաղորդումներուն մէջ այս նիւթին չէ ակնարկուած։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021