ԱԶԱՏՈՒՀԻ ԹՈՐՈՍԻ ՄԱՀԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Ազատուհի Թորոս։ Հանգուցեալը մայրն էր «Ֆօթօ Պոլիս» լուսանկարչական ծառայութեան հիմնադիր, յայտնի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի։ Ազատուհի Թորոս Սամաթիոյ ընտանիքի ծանօթ դէմքերէն մին էր եւ վերջին շրջանին դժբախտաբար կը տառապէր արեան քաղցկեղէ։ Քանի մը օրէ ի վեր ան առնուած էր խտացեալ խնամքի տակ։ Իր կացութիւնը ծանրացած էր եւ դժբախտաբար բժիշկներուն ջանքերն ու հարազատներուն խնամքը բաւարար չեղան զինքը փրկելու համար։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Ազատուհի Թորոսին ու կը ցաւակցինք Տէր եւ Տիկին Մկրտիչ-Ժանէթ Արծիւեանին եւ զաւակներուն, Տէր եւ Տիկին Կարպիս-Ազնիւ Թորոսին եւ զաւակներուն, Կիւլիզար Թորոսին եւ բոլոր պարագաներուն։