ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս ճատ­րա­կի մէջ ար­ձա­նագ­րե­ցին փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Պէ­յօղ­լուի շրջա­նի վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քի մը շրջագ­ծով ա­նոնք ա­պա­հո­վե­ցին դափ­նի­ներ, ինչ որ ար­ժա­նա­ցաւ մեծ գնա­հա­տան­քի։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ վար­ժա­րա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Ար­տէն Եա­զը­ճեան, Ա­րա Հոք­քա­ճը, Քա­տիր Քա­րափ­նար, Ար­տա Թա­շեիւ­րէք, Տա­նիէլ Չը­թաք։ Աստ­ղե­րու կազ­մին մէջ էին՝ Ա­րիս Նշան, Ա­լէն Նշան, Տա­ւիտ Իւ­կէ։ Փոք­րե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ էին՝ Տի­րան Քէօ­սէ, Նա­րեկ Տի­քի­ճի, Շանթ Տի­քի­ճի, Ա­զատ Ա­րը, Լո­ռին Իւ­կէ, Լիա Եուրտ­կիւ­լիւ, Ա­րէս Պո­յա­ճեան, Լի­նա Պո­յա­ճեան։

Ե­րե­սուն վար­ժա­րան­նե­րէ շուրջ չորս հա­րիւր ա­շա­կերտ մաս­նակ­ցե­ցաւ սոյն մրցա­շար­քին։ Է­սաեա­նէն բազ­մա­թիւ ա­շա­կերտ­ներ դա­սուե­ցան դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին։ Ա­լէն Նշան եւ Տի­րան Քէօ­սէ նուա­ճե­ցին ա­ռաջ­նու­թիւն­ներ։

Է­սաեա­նի ճատ­րա­կի խում­բը կը վե­րահս­կուի Սա­յաթ Թուղ­լա­ճըի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016