ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐՀԻ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։

Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն։

Ժամանակի հոսքին, տարիներու ընդոստ ելեւէջումին մէջ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Յայտնութեան յիշատակին կապուած շրջանը ամենէն հոգեպարար, մեր սրտերը ամենէն քնքշօրէն շոյող օրերը կ՚ընծայէ մեզի։

Մանուկի մը ծնունդը մեծագոյն ուրախութիւնն է իր ծնողքին եւ ընտանիքին համար։ Յիսուսի ծնունդը մեծագոյն ուրախութիւնն է քրիստոնեայ հաւատացեալներու ընտանիքին համար։ Մարդուս վերաբերող կենցաղային երեւոյթներուն մէջ, մեր ուրախութիւնը կ՚արտայայտենք հոգեկան ու մարմնական խառն հարթակներու վրայ։ Այսպէս Ս. Ծննդեան տօնն ալ կը տօնենք նախ մեր եկեղեցիներուն խորհրդազգած կամարներուն, երկնամբարձ գմբէթներուն ներքեւ, անոնց աստուածընկալ խորաններուն առջեւ։ Բայց կը տօնենք նաեւ մեր ընտանեկան երդիքներուն տակ, մեր ակութներուն ջերմութեան, մեր ընտանիքներուն եւ սրտահատորներուն մտերմութեան մէջ։

Այս տողերով կը փափաքիմ նախ շնորհաւորել Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայերու Ս. Ծննդեան, Փրկչին Տնօրէնութեան, Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան տօնական օրերու շղթան, բոլորին մաղթելով՝ որ գալիք Ամանորը ըլլայ միշտ Բեթղեհէմի գիսաւոր աստղին լոյսով ողողուած, Յիսուսի մսուրին շնորհներով տոգորուած, Երկնաւոր Հօր օրհնութիւններով ցնցղուած, Ս. Հոգւոյն միւռոնածոր խնդութիւններով բերկրած։

Կը փափաքիմ նաեւ հայրական յորդորս ուղղել բոլորին՝ որ տօնենք Ս. Ծնունդը եւ յարակից տօները, վայելելով անշուշտ մեր ընտանիքներուն ջերմութիւնը, այս տօներուն առթած վայելքն ու հանգիստը, բայց յիշելով եւ ապրելով միշտ Ս. Ծննդեան խորագոյն նշանակութիւնը՝ որ է Փրկչին երեւումը եւ յայտնութիւնը աշխարհի վրայ։

Այս առթիւ աղօթքի եւ բարեմաղթութեան իմ եղբայրական իղձերս կը փափաքիմ փոխանցել բովանդակ Հայ ժողովուրդին, սկսեալ Իսթանպուլի մեր տնակից եղբայրերէն եւ քոյրերէն, մինչեւ Հայոց աշխարհ, մինչեւ սփիւռքի ծայրերը։

Թող բոլորիս յարատեւ աղօթքը ըլլայ, յատկապէս այս սուրբ օրերուն, որ հրեշտակներու աստուածաշունչ երգը՝ երկրի վրայ խաղաղութեան եւ մարդոց միջեւ հաշտութեան, իրականութիւն դառնայ մեր երկրէն՝ Թուրքիայէն սկսեալ մինչեւ աշխարհի ծագերը, իր ազդեցութիւնը զգացնելով մանաւանդ Միջին Արեւելքի ալեկոծ տարածքներուն վրայ։ Բեթղեհէմի սիրասուն Մանուկը, Տէր Յիսուս, որ ամենակալ Տէրն է աշխարհի, իր սէրն ու գթութիւնը առատօրէն զեղու մեր այս տառապագին մարդկութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017