ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ համերգով մը հանդէս եկաւ Աւստրիական մշակոյթի կեդրոնին նախաձեռնութեամբ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մօտ Աւստրիոյ հիւպատոսարանի երդիքին տակ, Ենիգիւղ։ Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութի մականին ներքեւ երգչախումբը գործադրեց իր յայտագիրը։ Մեներգներով հանդէս եկան Նարօտ Զուռնաճը, Հայասա Յարզուարթեան եւ Միրա Պարսամօղլու։  Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ։

Միւս կողմէ, այս համերգը կրկնուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի հանդիսութեան աւարտին։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017