Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ նախկին վարչապետներէն Մեսուտ Եըլմազի, որ վերջերս կորսնցուց իր որդին։ Նորին սրբազնութեան ուղեկցեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ մեր համայնքէն այլ դէմքեր։ Տեղապահ սրբազան հայրը նախկին վարչապետին եւ իր ընտանիքին յայտնեց ցաւակցութիւն եւ աղօթեց երիտասարդի հոգւոյ խաղաղութեան համար։
Միւս կողմէ, կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ տեղապահ սրբազան հայրը երէկ շնորհաւորեց քաղաքիս զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, ներառեալ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Զէքիեան Գերապայծառը։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017