ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ԱՔՈՒԱՓԱՐՔ»

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ երէկ անցուցին հաճելի օր մը։ Տղաքը հաւաքաբար այցելեցին «Աքուափարք», Ֆլորիա։

Այս պտոյտին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Նորին սրբազնութիւնը ապահոված էր մեր խումբ մը բարերարներու զօրակցութիւնը՝ որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները ներկայ տարեմուտին զուարճանային միասնաբար։ Տղաքը իրենց տրամադրուած յատուկ օթօպիւսներով դպրոցէն հասան «Աքուափարք», ուր իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ կատարեցին շրջայց մը։ Անոնք տեղեկութիւններ քաղեցին աշխարհի ինքնուրոյն ձուկերու եւ ծովաբոյսերու շուրջ։ Կէսօրին աշակերտները միասնաբար ճաշեցին, իսկ ճաշէն վերջ զուարճացան նոյն համալիրին մաս կազմող առեւտուրի կեդրոնի խաղասրահին մէջ։ Աւելի քան երկուքուկէս ժամ հաճելի ժամանց ունենալէ վերջ աշակերտները նոյն օթօպիւսներով վերադարձան դպրոց։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018