ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԸՆՏՐԵԱԼ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին հիւրերը յաջողութիւն մաղթեցին Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ հաւաստիացուցին, թէ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան։

Զրոյցի ընթացքին նորընտիր պատրիարքը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան մատնանշեց, որ Գարակէօզեանը մեր մեծագոյն ազգային հաստատութիւններու շարքին կը դասուի եւ իր գործունէութիւնը ունի դրական համբաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ այս հաստատութեան նիւթական ու բարոյական նեցուկը զգալի պիտի դառնայ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի պարագային։

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը մաղթեց, թէ ընտրութեան արդիւնքը օրհնաբեր ըլլայ մեր համայնքի բոլոր հաստատութիւններուն եւ մերազն ժողովուրդին համար, նաեւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս տիրէ խաղաղութիւն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2019