ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ, ՋԱՀԴ ՎԱՌ

Հարպիյէի Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ (CRR) համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ «Կեդրոնական, ջահդ վառ» կարգախօսով կազմակերպուած համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ մը։

Երեկոյթը պատուեց Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու ընկերացան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր եւ հոծ թիւով երաժշտասէրներ։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Աքպաշի եւ Պօղոս Չալկըճըօղլուի։ Երեկոյթի տեւողութեան յաջող կատարումներով հանդէս եկան Կեդրոնական վարժարանի երգչախումբն ու նուագախումբը (ղեկավար՝ Յակոբ Մամիկոնեան), Նուարդ Աւետիքօղլու, Սէրճան Կազէրօղլու, Գարօլին Սարը, Ալեքս Թաթարեան, Լառա Նարին, Օննօ Սիւզմէ, Մարալ Այվազ, Լիտա Քէօսէօղլու, Թաթիանա Պոստան, Մարալ Աթաման եւ Պարթեւ Կարեան։ Վերջաւորութեան բոլոր մենակատարները միասնաբար երգեցին «Հոյ Նազան»ը։

Համերգը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2019