«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին կազմակերպեց Ամանորի խրախճանք մը։ Աւանդական ու խանդավառ այս հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Քուրթուլուշի մարզակումբին մէջ, որ վերջերս համոյթի երդիքը դարձած է ստիպողական պայմաններով։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ՝ «Մարալ»ի ընտանիքը այս առթիւ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ, բոլորը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։ Ներկայ էին նաեւ հիւրընկալ մարզակումբի պատասխանատուները։ Այս խրախճանքը մասնաւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ համոյթի մանկապատանեկան կազմի փոքրիկներուն համար՝ մանաւանդ, որ Կաղանդ պապուկը նուէրներ բերած էր անոնց։  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021