ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Հոլանտայի փոխ-դեսպան Էրիք Վեսթրէյտը, որ Պատրիարքարան այցելեց ընկերակցութեամբ քաղաքիս մօտ Հոլանտայի աւագ հիւպատոս Արիէն Վիթերլինտի։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը, որ Թուրքիայէ ներս առաքելութեան նոր ձեռնարկած է, քաղաքավարական այցելութեան փութացած է՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ յագեցնելու համար հոլանտացի դիւանագէտին հետաքրքրութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, այս այցելութեան կապակցութեամբ ուրախութիւն յայտնեց եւ հոլանտացի դիւանագէտին յաջողութեան մաղթանքներ յղեց նոր առաքելութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուշանուէրներ ալ յանձնեց այցելու դիւանագէտներուն։

Միւս կողմէ, երէկ Գումգաբու այցելեցին նաեւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ սոյն վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը՝ Հորոզօղլու ամոլը Պատրիարքարան փութացած էր Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու եւ հաստատութեան ընթացքին շուրջ տեղեկութիւններ ներկայացնելու համար։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ անդրադարձաւ կրթական առաքելութեան կենսական կարեւորութեան։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց թէ՛ Հորոզօղլուներուն եւ թէ «Հրանդ Տինք» դպրոցին։

Ուրբաթ, Յունուար 28, 2022