ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին։ Այսպէս, դպրաց դասու 113-րդ, իսկ երգչախումբի 90-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Բուն բարեկենդանի շաբաթավերջին զուգադիպած արարողութիւններուն ընթացքին պատարագեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Հմայեակ Սրկ. Քոչումեան, Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով վերյիշուեցան դպրաց դաս-երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, վարիչները, անդամներն ու սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց սեղանը, որուն համաճարակի հետեւանքով մասնակցեցան միայն թաղային խորհուրդի եւ երգչախումբի անդամները։ Ելոյթներով հանդէս եկան թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, երգչախումբի դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, դպրաց դասու նախագահ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին բիւր յարգանքով վերյիշուեցան հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, ողբացեալ Կարօ Համամճեանն ու երգչախումբի անմոռանալի սիւներէն Ալպէր Կիւլպէնկը։ Մինչ այդ, յայտարարուեցաւ, որ եկեղեցւոյ համալիրի վարչական բաժանմունքէն ներս երկու սենեակներ վերանուանուած են ի յիշատակ հանգուցեալք Ալպէր Կիւլպէնկի եւ Վահէ Սրկ. Իշլէմէճեանի, որոնք երկար տարիներ մեծ նուիրումով ծառայած են Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ եւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց փակման խօսքը, որու ընթացքին շեշտեց իր հայրական բարձր գնահատանքը Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին նկատմամբ, տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022