ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԵՒ ԴԻՊՈՒԿ…
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան հոգեւոր համերգ մը սարքեց թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Մեծ պահոց շրջանին զուգադիպած երեկոյթը ձօնուած էր հայ հոգեւորականութեան եւ մտաւորականութեան։ Կանխաւ պէտք է արձանագրել, որ այս համերգը բառին բուն իմաստով մեր երաժշտասէր հասարակութեան համար եղաւ Ս. Զատկի վաղահաս ընծայ մը։ Փառաշուք ու դիպուկ համերգ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին խմբավար Ատրուշան Հալաճեան եւ իր սաները հերթական անգամ պանծացուցին հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը։
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Մեր երաժշտասէրները ամբողջութեամբ լեցուցած էին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նստարանները, ուստի համերգը արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան եւ ամբողջ յայտագիրը գործադրուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան։ Բացման փուլին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրաց դասու նախագահը՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Վարդանանց երգչախումբը, որու երէկուան երգացանկին վրայ տեղ գտած էին տասնհինգ գործեր։ Լիւսի Գահվէճիօղլուի նուագակցութեամբ, Վարդանանց երգչախումբը մեկնաբանեց մեր հոգեւոր եւ ազգային երաժշտութենէն շատ խորհրդանշական գործեր, որոնք խոր տպաւորութիւն գործեցին ունկնդիրներուն վրայ։ Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ բոլորը մագնիսացած ունկնդրեցին Հայրապետական մաղթանքին եւ Ս. Պատարագի զանազան բաժիններուն։ Յայտագիրը համեմուած էր նաեւ շարք մը օտար հեղինակներու գործերով. օրինակ՝ Վերտի, Մոցարթ, Հենտել եւ Հաճիաքիս։ Հայկական գործերու հիմնական մասին հեղինակն էր Մեծն Կոմիտասը։ Ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ Արա Պարթեւեանի, Ժիրայր Արսլանեանցի, Յակոբ Ֆընտըքլեանի, Նիկողոս Թաշճեանի, Բարսեղ Աթմաճեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի գործերը։ Երգչախումբի մենակատարները՝ Գրիգոր Թէրզեան, Ալիս Շահինօղլու, Յովսէփ Գույումճեան, Անի Սարաճան, Անէթ Մէհթէրեան, Լիտիա Տուրմազկիւլէր, Լիւսի Գահվէճիօղլու աւելցուցին ձեռնարկին փայլը՝ իրենց կարողութիւններով։
Երգացանկի վերջին գործն էր Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօր»ը, զոր այնքան լաւ մեկնաբանեցին Ատրուշան Հալաճեանի սաները։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ արտասանուած փակման ու գնահատանքի խօսքէն վերջ երգչախումբը եզրափակիչ փուլին երգեց Տէրունական աղօթքը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը՝ մաղթելով յարատեւ յաջողութիւններ։