ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ԵՐԵԿՈՅԹ

Յայտնի արուեստագէտներ Ըթըր Էսէն եւ Հալտուն Պոյսան նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։ Հաճելի երեկոյթը վարեցին՝ Մասիս Գույումճու եւ Գարին Քիւրքճիւօղլու Ըշըքճը։ Արուեստագէտները ներկաներուն հետ բաժնեցին իրենց զանազան յատկանշական յուշերը եւ բացատրութիւններ տուին գեղարուեստական կեանքին մասին։

Ասուլիսէն վերջ երաժշտական յայտագիր մը գործադրեց Արի Պարութճուօղլու։

Ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեանի կողմէ գլխաւորուած Արամեան սանուց միութեան վարչութեան անդամները երեկոյթի աւարտին յիշատակներ յանձնեցին արուեստագէտներուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018