ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը։ 9-րդ դասարանի սաներուն համար վերջին զանգը հնչեց յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը պատրաստուած էր դասարանի ուսուաչուհի Անահիտ Պետրոսեանի վերահսկողութեամբ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որ ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց շրջանաւարատներուն։ Ըստ իրեն, թէեւ դժուար է բաժնուիլ սիրեցեալ աշակերտներէ, սակայն իրենք կ՚ուրախանան ու կ՚ոգեւորուին այն հանգամանքով, որ անոնք իրենց ուսումը պիտի շարունակեն Հայաստանի մէջ։

Հանդէսի ընթացքին շրջանաւարտները վերյիշեցին իրենց ուսումնառութեան տարիները։ Գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Տղաքը հանդէս եկան սրտի խօսքերով՝ ուղղեալ իրենց ուսուցիչներուն, դպրոցի հոգաբարձուներուն եւ պոլսահայ համայնքին։

Շրջանաւարտները խորհրդանշական նուէրներ ստացան Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ, որ աշխատանք կը տանի որպէս կամաւոր հոգաբարձու։ Տինք ընտանիքին կողմէ ալ նուէրներ յանձնուեցան շրջանաւարտներուն։ Ռաքել Տինք հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ալ աշակերտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն ալ բարեմաղթանքներ յղեց տղոց։ Յայտագրի եզրափակիչ փուլին տղաքը ներկայացուցին պար մը։

Հարկ է նշել, որ «Հրանդ Տինք» վարժարանի շրջանաւարտները շուտով Հայստան պիտի մեկնին՝ մասնակցելու համար պետական քննութիւններուն եւ ստանալու համար իրենց վկայականները։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018