ՈՉ ԵՒՍ Է ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՊԱՔԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երիցագոյն սերունդի նուիրեալ ու բազմաշխատ իգական սերունդի գործիչներէն Հռիփսիմէ Պաքեան։ Ան երկար տարիներ եղած է Գարակէօզեանի մեծ ընտանիքի սիւներէն եւ իր գուրգուրանքին, խնամքին առարկայ դարձուցած է այդ պատմական դպրոցի շեմէն սերունդէ-սերունդ անցած պատանիները։

Իր մարմնաւորած կերպարով Հռիփսիմէ Պաքեանի յիշատակը կը մնայ անթառամ բոլոր անոնց մօտ, որոնք վայելած են իր գուրգուրանքը կամ գնահատանքով դիտարկած՝ իր աշխատանքը։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018