ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարք մը։ Թաքսիմ մարզակումբի անմոռանալիներէն Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած այս մրցաշարքը չորրորդն է իր նմաններու շարքին։ Մեր համայնքէն տասներեք միջնակարգեր մասնակցութիւն բերին մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ։

Երկօրեայ մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Առաջնութիւնը նուաճեց Տատեան, որուն հետեւեցան Եշիլգիւղ եւ Գարակէօզեան։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին ախոյեան խումբի բաժակը յանձնեցին Ալեքսան Տատեանի հարազատները, որոնք յուշանուէրներ ալ պատրաստած էին տղոց համար։ Երկրորդ հանդիսացած եշիլգիւղցիներուն բաժակը յանձնեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան։ Տքթ. Կարապետ Եայլան ալ յանձնեց երրորդ հանդիսացած գարակէօզեանցիներուն բաժակը։

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեանն ալ առ ի շնորհակալութիւն յուշանուէր մը յանձնեց Կարօ Համամճեանին՝ Թաքսիմ մարզակումբի կողմէ տրամադրուած դաշտին համար։

Պարգեւատրման արարողութեան աւարտին ելոյթ մը ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ մրցաշարքի մասնակից վարժարաններու խումբերուն, մարզիչ-ուսուցիչներուն եւ Թաքսիմ մարզակումբի մասին։ Տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան նաեւ շնորհաւորութիւն յղեց դափնեկիրներուն։

Իր կարգին, Կարօ Համամճեանն ալ յայտնեց, որ հանգուցեալ Ալեքսան Տատեան եղած էր իր աւելի քան յիսուն տարուան ընկերը, ուստի, իրենց համար զգացական լուրջ նշանակութիւն ունի իր յիշատակին ձօնուած այս մրցաշարքին հիւրընկալութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018