ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՆՊԱՍՏՆԵՐ
Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը այս շրջանին կը պատրաստուի կեանքի կոչել խրախուսական նպաստներու կարեւոր ծրագիր մը։ Սա ելմտական օժանդակութեան բազմակողմանի ծրար մըն է, որ ընտրութիւններէն վերջ պատրաստուած է խնամակալութեան կողմէ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընկերամշակութային զօրակցութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուցին մշակուած այս նախագիծը։ Այսպէսով խնամակալութիւնը ընտրութիւններէն առաջ տրուած խոստումները յարգելու ճանապարհին կ՚առնէ շօշափելի քայլեր։ Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան եւ տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլու։
Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան կողմէ պատրաստուած ելմտական օժանդակութիւններու ծրարը ունի երեք հիմնական ուղղութիւն։ Առաջին՝ համայնքի կարիքաւորները պիտի կարողանան օգտուիլ նոր միջոցներէ։ Երկրորդ՝ պիտի տրամադրուին կրթաթոշակներ, որոնցմով թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ մեր վարժարանները քաջալերանքի առարկայ պիտի դարձուին։ Երրորդը՝ համայնքային մամուլն է՝ հաղորդակցութեան զարկ տալու առաջնահերթութեամբ։
Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ յայտնեց, որ ներկայիս համայնքային կեանքէն ներս ընկերային օժանդակութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Թէեւ կան բազմաթիւ կառոյցներ, որոնք այս նպատակով կ՚աշխատին, սակայն, համեստ խաւերէ բազմաթիւ ընտանիքներ այդ ծածկոյթէն դուրս կը մնան։ Ուստի, Գարակէօզեանի խնամակալութիւնը որոշած է նոր այլընտրանք մը ձեւաւորել այս առումով։ Խնամակալութեան ծրագրէն պիտի կարողանան օգտուիլ այն ընտանիքները, որոնք համայնքային միւս կառոյցներու օժանդակութիւններէն անմասն կը մնան։ Խնամակալութիւնը կը նախատեսէ արժեւորել նաեւ այն պարագաները, երբ կարգ մը ընտանիքներ այլ կառոյցներէ աջակցութիւններ ստանալով հանդերձ ի վիճակի չեն ըլլար դիմագրաւել իրենց կարիքները։ Ընտանիքներու սննդամթերքը հոգալու առընթեր անոնց զաւակներու կրթական ծախսերու դիմագրաւման համար ալ նպաստներ պիտի տրամադրուին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան կողմէ։ Նպաստընկալները բացարձակապէս պիտի չհրապարակուին։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկուան ասուլիսին ընթացքին մանրամասն խօսեցաւ նաեւ կրթաթոշակներու մասին։ Աշակերտներու յաջողութեան հիման վրայ պիտի տրամադրուին միջոցները։ Այսինքն, երիտասարդ մը պիտի կարենայ կրթաթոշակէ օգտուիլ՝ եթէ նոյնիսկ իր ընտանիքին պայմանները բաւարար են։ Առաջին հերթին այս ծրագիրը Գարակէօզեան վարժարանի շրջանաւարտներուն համար ի զօրու պիտի ըլլայ։ Յաջող շրջանաւարտները եթէ կարողանան մուտք գործել երկրի յառաջատար լիսէները, բարձր չափանիշներով լիսէները, ապա պիտի կարողանան կրթաթոշակ ունենալ։ Որոշ նշաձողէ մը վեր յաջողութեան հասած շրջանաւարտները կրթաթոշակ պիտի ունենան նաեւ՝ համայնքային լիսէները յաճախել նախընտրելու պարագային։ Այդպիսի աշակերտներու համար Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը տուեալ լիսէին պիտի փոխանցէ՝ տարեկան ամբողջական նուիրատուութիւնը։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ յայտնեց, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան առաջնահերթ առաքելութիւնն է լաւ կրթադաստիարակչական գործունէութեան մը կազմակերպումը։ Խնամակալները պաշտօնի կոչուած են այս նպատակին համար։ «Մեր աշակերտներուն ծնողները մեզի հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ դպրոցը լիսէի չենք վերածեր։ Այս փուլին յարմար չենք դատեր նման քայլ մը առնել։ Մեր շրջանաւարտներուն՝ արդէն գոյութիւն ունեցող համայնքային լիսէները յաճախելը աւելի բնականոն կը համարենք։ Ուստի, կրթաթոշակներու այս նոր ծրագիրը մշակեցինք՝ արհեստավարժ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին հիման վրայ։ Այն ինչ որ ձեր նկատառման կը յանձնենք, սկիզբ մըն է, նախագիծը պիտի ընդլայնուի եւ ընդգրկուին նաեւ մեր միւս դպրոցները», ըսաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Երէկուան ասուլիսին ժամանակ տեղեկացուեցաւ նաեւ, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը իր տնօրինած միջոցներէն բաժին դուրս պիտի բերէ նաեւ համայնքային մամուլին համար։ Երեք ամսուան պարբերութեամբ, տարին չորս անգամ ելմտական օժանդակութիւն պիտի կատարուի համայնքային լրատուամիջոցներուն։
Ի լրումն այս բոլորին, ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Գարակէօզեանի համալիրէն ներս նոր ստեղծուած մարզարանը արդէն ծառայութիւն կը մատուցէ մեր ամբողջ համայնքին։ Մօտաւոր անցեալին շահագործման պիտի յանձնուի նաեւ համալիրէն ներս կառուցուած բազմանպատակ դահլիճը, որ պիտի օգտագործուի նաեւ՝ որպէս թատերասրահ։ Այս բոլորին զուգահեռ կը վերամշակուի Գարակէօզեան Տան սանուց միութեան կանոնադրութիւնը։ Յառաջիկայ շրջանին միութեան գործունէութիւնն ալ պիտի վերակենդանանայ եւ պիտի դառնայ աւելի աշխոյժ։
Բաց աստի, Տիգրան Կիւլմէզկիլ յայտնեց, որ յառաջիկայ մայիսի 7-ին պիտի նշուի Գարակէօզեանցիներու օրը։