ԱՍՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ
«Ակօս» շաբաթաթերթը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած է ասուլիսներու շարք մը, որու առաջինը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թերթի խմբագրատան «Հաւաք» սրահի երդիքին տակ։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան, որ նշեց, թէ յոբելենական շրջանին իւրաքանչիւր ամսավերջին նախատեսուած են ասուլիսներ՝ քննարկելու համար հասարակական կեանքի զանազան հարցերը։
Երէկ կազմակերպուած առաջին ասուլիսին նիւթն էր Թուրքիոյ մէջ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցչական խնդիրը։ Ասուլիսի նիստավարն էր Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան։ Ատենախօսներն էին Լուիզ Պաքար, Ռիթա Էնտէր, Լաքի Վինկաս եւ Սաիտ Սուսին։ Օրուան նիւթը զանազան երեսակներէ մեկնաբանելով՝ ատենախօսները անդրադարձան, թէ պետութիւնը ինչպէ՛ս կ՚ընկալէ, կը դիտարկէ փոքրամասնական համայնքները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկար տարիներէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու մթնոլորտին մէջ յառաջացած հակասական չափանիշներուն եւ փոքրամասնական համայնքներու իրաւունքներուն տեսակէտէ ներկայիս ուրուագծուած նոր հորիզոններուն։
Ասուլիսը աւարտին հասաւ հարցում-պատասխանով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024