ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլք­քան» սրա­հին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, պա­րի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ե­լոյթ­նե­րու փա­ռա­տօ­նը։ Յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը հան­դէս ե­կան հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րով։ «Ճամ­բայ» կար­գա­խօ­սով գոր­ծադ­րուե­ցաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին ութ խմբերգ­ներ, եր­կու պա­րեր եւ տաս­նե­րեք բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ։ Փա­ռա­տօ­նի պատ­րաս­տու­թիւ­նը վե­րահս­կած էին դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մէն Հե­րա Իս­կէն­տէ­րօղ­լու, Լու­սիա Քը­լընչ­լը, Սու­նա Քորք­մազ, Լեռ­նա Էօլ­մէզ եւ Գա­րին Սուս­մաք-Քաթ­րան­ճըօղ­լու։

Փա­ռա­տօ­նի ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան, որ գնա­հա­տեց ա­շա­կերտ­նե­րուն այս յա­ջող գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016