ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ԱՐԻՈՆ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րիոն» նուա­գա­խում­բին հա­մեր­գը։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս բա­ցօ­թեայ ձեռ­նար­կին նպա­տակն էր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մօտ հե­տաքրք­րու­թիւն ու սէր ստեղծել դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան նկատ­մամբ։

«Ա­րիոն» նուա­գա­խում­բի մե­նա­կա­տա­րը՝ Պես­թէ Կիւր­քէյ իս­կա­պէս խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ունկն­դիր­նե­րուն վրայ։ Այս նուա­գա­խում­բին գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն է Շու­լէ Չա­քար, իսկ խմբա­վա­րը՝ Սեր­ճան Կիւն­տող­տու։ Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին նուա­գա­խում­բը ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար մեկ­նա­բա­նեց «Sev kardeşim» եր­գը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան բո­լոր ունկն­դիր­նե­րը։

Հա­մեր­գին ներ­կայ գտնուե­ցան Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քոյր վար­ժա­րան­նե­րէն տնօ­րէն­ներ եւ կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ հիւր ե­րաժշ­տա­սէր­ներ։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016