ԵՐԳԻ ԵՒ ՊԱՐԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներէն մին։ Սա երգի եւ պարի հանդիսութիւն մըն էր, որով եզրափակուեցաւ յոբելենական ծրագիրը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները եւս մասնակցեցան ձեռնարկին, որու ժամանակ սրահը լեցուն էր ամբողջութեամբ։

Յայտագրի ընթացքին Թաթիանա Պոստան եւ Մարալ Չաղլըչուպուքճու հանդէս եկան մեներգներով՝ Ռոպէր Տողանայի նուագակցութեամբ։ Աշակերտներուն կողմէ գործադրուած ճոխ յայտագրի աւարտին ելոյթ մը ունեցաւ տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ Պարուսոյց Յակոբ Արի եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլը ստացաւ յուշանուէր մը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տատեան վարժարանի 175-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019