ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ իր գործակից ընկերները։ Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մօտալուն տարեկան անուան տօնախմբութեան շուրջ։ Թաղականները յունիսի 13-ին նշուելիք Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առթիւ արարողութիւններուն նախագահելու հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին, եկեղեցւոյ վիճակին եւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերաբերեալ քաղեց տեղեկութիւններ։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս եկեղեցւոյ կանթեղը վառ մնայ։

Թաղականները հրաժեշտ առին ստանալով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022