ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓԱՐԱՏԻ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ գումարեց ժողով մը։ Փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան պաշտօնապէս հրապարակումէն վերջ ԹՎՄ արդէն երկրորդ ժողովը գումարեց։ Անցեալ նիստէն մինչեւ երէկ անցած ժամանակահատուածին տեղի ունեցած են շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններ։ Համայնքային վարիչները զանազան աղբիւրներէ վերահասու դարձած են, թէ նոր կանոնադրութեան պարագային ակնկալուած ճկունացումներու յոյսերը կը նուազին՝ հակառակ անոր, որ անցեալ նիստին կարգ մը իրաւաբաններ չէին բացառած բարելաւումները՝ լաւ հիմնաւորելու պայմանաւ։ Մասնաւորապէս ընտրաշրջաններու վերասահմանման տեսակէտէ ենթադրութիւնները, ըստ երեւոյթին, ի դերեւ պիտի մնան։ Նոյնը ի զօրու է նաեւ կանոնադրութեան այն տրամադրութեան պարագային, որով նոր անձը նոյնաժամանակ երեք տարբեր կառոյցի վարչական խորհուրդին պիտի կարողանայ մաս կազմել։ Ի տարբերութիւն ընտրաշրջաններու հարցէն՝ այս մէկը հաւանաբար կապ ունի՝ մարդուժը շատ սահմանափակ դարձած այլ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու իրականութեան։ Անցեալ ժողովէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին համայնքային վարիչները պարզած են նաեւ այլ հանգամանքներ՝ մասնաւորապէս ընտրական մարմիններու հարցին շուրջ։ Անցեալ շրջանին թէ՛ կարգ մը համայնքային վարիչներ եւ թէ իրաւաբաններ յայտնած էին, թէ հնարաւոր է ընդհանուր առմամբ չորս ընտրական մարմին ստեղծել եւ ընտրութեան կազմակերպչական աշխատանքները այդպէսով համատեղ, հասարակաց ձեւով յառաջ տանիլ։ Կարգ մը թաղեր ընթացքին պաշտօնական շրջանակներու խորհուրդին ալ դիմելով ստուգած են, որ հասարակաց ընտրական մարմնի մը մօտեցումը գոյութիւն չունի նոր կանոնադրութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր վաքըֆ պէտք է պահէ իր ինքնուրոյնութիւնը, հետեւաբար պէտք է ունենայ առանձին ընտրական մարմին մը։

Ստեղծուած իրավիճակին առջեւ ժողովականները առաջարկեցին, որ թրքահայ իւրաքանչիւր վաքըֆ թուղթի վրայ ունենայ առանձին ընտրական մարմին մը, սակայն, ըստ շրջաններու, իւրաքանչիւր առանձին մարմին բաղկանայ նոյն անձերէ։ Այսպէսով թէ՛ կանոնադրութեան տրամադրութիւնները յարգուած կ՚ըլլան եւ թէ համայնքը գործնական դրութիւններ կ՚ունենայ։ Կարգ մը վարիչներ նոյնիսկ յայտնեցին, որ համայնքը կրնայ փորձել այս ձեւը, եւ եթէ իսկապէս հնարաւոր չէ, ապա Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն կրնայ կասեցնել այդ ընթացքը։ Այս կէտին վրայ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ալ յայտնեց, որ նոր կանոնադրութեան մէջ արդէն ա՛լ աւելի ազդու դարձած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հակակշռման դերը։

Իր կարգին, Օրթագիւղի թաղային խորհուրդէն Արէտ Քորեանն ալ նշեց, որ համայնքը ինն տարիէ ի վեր կը սպասէր այս կանոնադրութեան, ուստի զգոյշ պէտք է գործել, երբ արդէն հասած է այդ մէկը։ Ամէն մարդ ինքնագլուխ մեկնաբանումներ պէտք չէ ընէ, այլապէս եւս տասն տարի սպասելու ռիսքեր կրնան յառաջանալ։

Խորհրդակցութեան մասնակից համայնքային վարիչները մտահոգութեամբ բաժնեցին նաեւ կարգ մը լսումներ, ըստ որոնց, մեր կարգ մը հաստատութիւններու մատակարար մարմինները կամ մեր համայնքէն անհատներ կը պատրաստուին վարչական դատեր բանալ այս կանոնադրութեան դէմ։ Այս հաւանականութիւնը մտահոգիչ համարուեցաւ այն պատճառով, որ ընտրական գործընթացի պարագային անկանխատեսելի ձգձգումներու եւ յապաղումներու պատճառ կրնայ դառնալ։

Ընդհանուր առմամբ երէկուան ժողովի մթնոլորտէն կարելի էր հետեւցնել, թէ ընտրութիւններու հեռանկարին վերաբերեալ հեռատեսութիւնը որոշ չափով փարատած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յստակ զգուշացումով մը. «Եթէ այսպէս վարուինք, ապա չենք կրնար ընտրութիւն ընել»։ Ան մատնանշեց, որ զանազան հարթութիւններու վրայ արդէն խօսակցութիւններ սկսած են՝ ընտրութիւններու յետաձգման շուրջ։

Ժողովի ընթացքին սեղանի վրայ դրուած առարկայական տուեալներէն մին ալ այն էր, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը նոր կանոնադրութիւնը պաշտօնապէս զեկուցած էր կարգ մը թաղային խորհուրդներու. օրինակ՝ Գատըգիւղը։ Կանոնադրութիւնը պաշտօնապէս յանձնած պաշտօնատարները տեղեկացուցած են, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչները կը նախատեսեն իսլամաց տօնի մօտալուտ արձակուրդէն վերջ մէկտեղուիլ թրքահայ կառոյցներու վարիչներուն հետ, նոր դրութեան շուրջ տեղեկութիւններ տալու եւ իրերամերժ մեկնաբանութիւնները կանխելու նպատակով։ Ժողովականները համոզուած էին, թէ այդ հնարաւորութիւնը պէտք է լաւագոյնս օգտագործել։

Համայնքային վարիչները նկատի ունեցան նաեւ ընտրողներու ցուցակներու պատրաստութեան վերաբերեալ անյետաձգելի հրամայականները։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու կրկնեց այն զգուշացումները, որոնք վերջին շրջանին յաճախ կը բարձրաձայնէ։ Այսպէս, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած շփումներու ժամանակ ան նկատած է նաեւ, թէ այս խնդիրը առանձնայատուկ զգայնութեան առարկայ է։ Ուստի, կատարելապաշտ մօտեցում պէտք է ցուցաբերել։ Շիրինօղլու յիշեցուց վերջին պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ յառաջացած թերացումներուն վերաբերեալ լսումները։ Ան աւելցուց, որ պաշտօնական շրջանակներ ալ իր նկատառման յանձնած են, թէ կարգ մը պարագաներու մէջ նոյնիսկ մահացած անձեր քուէարկած են։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ նման սխալները կամ թերացումները կանխելու համար պէտք է ամուր կամք ցուցաբերել եւ յստակ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնել։ Այլապէս, կարելի չ՚ըլլար հանդուրժողութիւն ակնկալել այս անգամ։

Խորհրդակցութեան տեւողութեան համայնքային վարիչները այս հարցերն ալ նկատի առին կարեւորութեամբ։ Բնականաբար, որպէս ընտրողներու ցուցակ հիմք պիտի ընդունուի վերջին պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ գործադրուածը։ Այդ մէկը պիտի կատարելագործուի եւ պիտի այժմէականացուի մանաւանդ պիտի վերամշակուի։ Վերջին պատրիարքական ընտրութենէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին 18 տարեկանը լրացուցած եւ ընտրող դառնալու իրաւունք ձեռք բերած մեր համայնքի երիտասարդ անդամները պիտի ներգրաւուին այդ ցուցակին մէջ։ Բնականաբար նկատի առնուեցան նաեւ համապատասխան թեքնիք ենթակառուցուածքներու վերաբերեալ հանգամանքները։

ԹՎՄ-ի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022