ՍԻՊԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ՝ ԻՐ ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԻ 10-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ կոչ ուղղեց, որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերուն դադրին պատերազմները, որովհետեւ անոնց հետեւանքով երեխաները կը կորսնցնեն ամենաթանկը։

Երեւանի «armtimes» կայքէջը վերջերս շահեկան հարցազրոյց մը հրապարակեց Սիպիլին հետ։ Այս առթիւ տեղեկացուած է, որ Սիպիլ շուտով իր համակիրներուն պիտի ներկայացնէ մարդասիրութեան ու խաղաղութեան մասին նոր տեսահոլովակ մը, որ կը կոչուի «Աւրորայի աղօթքը»։ Սիպիլին ձօնուած յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ արդէն կը լրանայ անոր բեմական գործունէութեան տասնամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ նախատեսուած է յոբելենական համերգ մը Հայաստանի մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ աշնան։ Այս ծրագիրը բարեգործական բնոյթ պիտի ունենայ։

Հայաստանի յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի մարտահրաւէրներուն անդրադառնալու առընթեր, հարցազրոյցի ընթացքին Սիպիլ խօսած է նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ մասնակցած առցանց համերգին շուրջ։ «Համավարակի շրջանին արժանթինահայ ընկերոջս՝ հեռուստահաղորդավար Լէօ Մոմճեանի հետ առցանց մեծ համերգ մը կազմակերպեցինք։ Մասնակցեցան երգարուեստի յայտնի հայ դէմքեր աշխարհի չորս կողմերէն։ Բարեգործական այս համերգը հեռարձակուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ։ Ամբողջ հասոյթը ուղղուեցաւ քաղցկեղէ տառապող հիւանդ երեխաներու բուժման։ Վերջերս Հայաստանի մէջ կրկին մասնակցեցայ բարեգործական համերգի մը՝ ներկայացնելով սփիւռքը։ Ի յիշատակ զոհուած զինուորներու նոր ծրագրեր ունիմ, բայց մինչեւ զանոնք իրականացնելը՝ կը նախընտրեմ չխօսիլ այդ մասին։ Սրտանց կը փափաքիմ եւ կը ծրագրեմ, որ իմ երգարուեստի տասնամեակը բարեգործական մենահամերգով մը նշեմ Հայաստանի մէջ», նշած է Սիպիլ եւ աւելցուցած է, որ ի սրտէ կ՚աղօթէ, որպէսզի լոյս ծագի Հայաստանի վրայ։ «Մեր յոյսը չկորսնցնենք, որովհետեւ մեզ ոտքի պահողը այդ յոյսն է։ Թող այդ յոյսը երբեք չմարի մեր սրտերուն մէջ, ապրի այնպէս, ինչպէս պիտի ապրի Ճիվանի տուտուկի աղօթքը», յայտնած է Սիպիլ հարցազրոյցի ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021