ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷ ՏՈՒԺԱԾ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԹԵԹԵՒ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրահանգով, գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Կարօ Վռամ Պապայեան 18 յուլիս 2023, երեքշաբթի, ցամաքի ճամբով մեկնեցան Հաթայ։ Իրենց պաշտօնն էր Իսքենտէրունի, Քըրըքխանի եւ Վաքըֆլըգիւղի մէջ երկրաշարժէ թեթեւօրէն վնասուած բնակարաններու եւ շրջանի եկեղեցիներու նորոգութեան մասին պատկան ծխական խորհուրդներէ տեղեկութիւն քաղել եւ տեղւոյն վրայ զարգացումները դիտարկել։

ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆ

6 մայիս 2023, շաբաթ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած Վերակառուցման յանձնախումբի ժողովին Իսքենտէրունի մերազն ժողովուրդի թեթեւ վնասուած բնակարաններու նորոգութեան գործընթացի համակարգման պատասխանատուութիւնը յանուն տեղւոյն ծխական խորհուրդին ստանձնած էր ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան։

Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն պատկանող թեթեւ վնասուած ինն տուներու վերանորոգութեան աշխատանքները սկսած էին 4 յուլիս 2023-ին։ Այդ ընթացքին աւարտեցաւ ինն տուներէ վեցին նորոգութիւնը։ Իսքենտէրունի ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան տեղեկացուց, որ մնացեալ երեք բնակարաններու նորոգութիւնը պիտի աւարտի 28 յուլիս 2023-ին։ Անհատական հանդիպումներու ընթացքին բնակարաններու տէրերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին կատարուած աշխատանքի կապակցութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին թէ՛ մեր համայնքէն եւ թէ արտասահմանէն հասած օժանդակութեանց համար։

Երկրաշարժէն ծանր վնաս կրած Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ վերակառուցման համար Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութեան եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուած դիմումներու ընթացքին ծագած հարցերը ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի եւ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանի ջանքերով եւ տնօրէնութեան հետ կատարուած բանակցութիւններու աւարտին լուծուեցան եւ գործընթացի շարունակութիւնը ապահովուեցաւ։

ՔԸՐԸՔԽԱՆ

Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կիսաւեր եկեղեցւոյ շէնքի մնացորդացը երկրաշարժի ընթացքին բոլորովին փուլ եկած էր։ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Քափլան փլատակներու վերացման աշխատանքի մասին տեղեկութիւն ստանալէ յետոյ, նկատի ունենալով յիշեալ կառոյցի որպէս մշակոյթի կալուած արձանագրուած ըլլալու պարագան, իսկոյն միջամտած եւ տեղեակ պահած է Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութիւնը, գաւառապետութիւնը եւ քաղաքապետութիւնը ու դադրեցնել տուած է աշխատանքը, որպէսզի յառաջիկային նոր հարցերու դուռ չբացուի։

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ

Թեթեւ վնասուած բնակարաններու նորոգութեան մասին, 6 մայիս 2023, շաբաթ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած Վերակառուցման յանձնաժողովի նիստին, գործընթացի համակարգման եւ իրականացման պատասխանատուութիւնը ստանձնած էին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը եւ ՀԱՅՃԱՐ միութիւնը։ Նոյն միութեան ատենապետ Նազար Շիկահեր հաստատեց, որ տարուած աշխատանքներու պիւտճէի ծրագրաւորումը 28 յուլիս 2023-ին իր վերջին փուլին պիտի հասնի եւ թեթեւօրէն վնասուած բնակարաններու վերանորոգման ընդհանուր արժէքը պիտի փոխանցուի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին։

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի, անդամներէն Միսաք Հերկելի, Յովհաննէս Զուռնաճըի եւ Ճան Շիրինի մասնակցութեամբ կայացած հանդիպման ընթացքին տրուած տեղեկութեանց համաձայն՝ եկեղեցւոյ երկրաշարժի պատճառաւ ծանրօրէն վնասուած վարչական շէնքը քանդելու եւ վերակառուցելու համար, ծխական խորհուրդը հանդիպումներ ունեցած է պաշտօնական իշխանութիւններու հետ եւ գործընթացը սկսած։ Հաշուի առնելով շրջանի իրավիճակը՝ գործընթացը պիտի տարածուի որոշ ժամանակաշրջանի վրայ։ Վարչական շէնքի մասին զարգացումները հանրութեան պիտի ներկայացուին:

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը որոշած է 29 յուլիս 2023, շաբաթ, ժողով կազմակերպել՝ քննարկելու համար երկրաշարժէ տուժած եկեղեցւոյ համայնքի անդամներու կարիքները հոգալու համար կատարուած նուիրատուութիւններու օգտագործման ընթացակարգերն ու սկզբունքները։ Գիւղացիներու մասնակցութեամբ կայանալիք այս հանդիպման ընթացքին ընդհանուրին համամտութեամբ ընդունելի որոշումներու մանրամասնութիւնները հանրութեան պիտի հաղորդուին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ 6 մայիս 2023-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած ժողովի ընթացքին նշած էր, որ երկրաշարժէ վնասուած Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգութեան համար հարկաւոր նիւթականը ապահովուած էր Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ։ Վերաշինութեան գործընթացը պիտի համակարգուի Պատրիարքական Աթոռի, եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի եւ գիւղի բնակիչներու համագործակցութեամբ։ Գործընթացի մանրամասնութիւններու մասին յառաջիկայ օրերուն պարբերաբար տեղեկատուութիւն պիտի տրուի։

Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափար եւ խորհուրդի անդամներու հետ կայացած հանդիպման ընթացքին յառաջիկայ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի վերաբերեալ գաղափարի փոխանակումներ ունեցան։ Նկատի ունենալով առկայ իրավիճակը, թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ թէ ծխական խորհուրդի համատեղ փափաքն ու որոշումն է, որ մեր հինգ տաղաւարներէն Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնախմբութեան նախագահէ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Նկատի առնելով երկրաշարժի գօտիի պայմանները՝ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ հանդիսութիւնը կատարուի սահմանափակ մասնակցութեամբ։

ՄԱԼԱԹԻԱ

6 մայիս 2023, շաբաթ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած Վերակառուցման յանձնախումբի ժողովին, երկրաշարժէ տուժած Մալաթիոյ մերազն ժողովուրդի բնակութեան վայրի պատրաստութեան գործընթացի համար կազմուած էր յանձնախումբ մը, որու անդամներն էին Մալաթիա «Հայտէր» միութեան ատենապետ Կարապետ Օրունէօզ, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Կարպիս Էվեափան։ Աշխատանքի համակարգման եւ պատասխանատուութեամբ պաշտօնը ստանձնեց Գէորգ Էօզգարակէօզ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ մայիսին տարածաշրջան կատարած այցելութեամբ զօրակցեցաւ պաշտօնական իշխանութիւններու հետ բանակցութիւններու ձեռնարկած յանձնաժողովի աշխատանքին։

 Ծրագրի համակարգող Գէորգ Էօզգարակէօզ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուց, որ Մալաթիոյ մէջ յատկացուած տարածքի վրայ մեր համայնքի երկրաշարժէ տուժած անդամներու առժամեայ բնակութեան համար կառուցանելի բնակարաններու շինութիւնը սկսած է։ Ծրագրի ընթացքը կը շարունակուի առանց խոչընդոտի։ Տեղական իշխանութիւններ, նաեւ համայնքի անդամներ կը շարունակեն աջակցիլ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023