ԳՆԱԼԸԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՄԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց մթնոլորտ։ Եղանակի փակման հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը։ Թէ՛ Կազդուրման կայանի եւ թէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան դպրաց դասուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառնային ծրագրերու վերջակէտը դրուեցաւ երէկուան հանդէսով։ Երեկոյթի յայտագրին մաս կազմեցին թէ՛ զանազան ելոյթներ եւ թէ մրցանակաբաշխութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ այս եղանակին կազմակերպուած «Նաւասարդեան» խաղերու ծիրէն ներս փինկ-փոնկի եւ նարտի մրցաշարքերու դափնեկիրներն ալ ստացան իրենց պարգեւները։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Ներսէսեան դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդի պատասխանատուներ, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնէն ներկայացուցիչներ, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ կղզեբնակներ։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Վարդան Թերզեանի հանդիսավարութեամբ։ Հրանդ Չիզմեճեանի գլխաւորութեամբ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը։ Այսպէս, Ներսէսեան դպրաց դասու մանկապատանեկան կազմը հանդէս եկաւ զանազան երգերով եւ արժանացաւ ծափահարութիւններու։ Նուագակցեցաւ Նորա Իփեքճի։ Յայտագրի տեւողութեան տղաքը ներկայացուցին ամրան ամիսներուն իրենց տարած աշխատանքի արդիւնքը։

Հանդէսի աւարտին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ձեռամբ յանձնուեցան գնահատագրեր շարք մը անձերու, որոնք Կազդուրման կայանի եւ Ներսէսեան դպրաց դասու ամառնային ծրագրերուն բերած էին իրենց զօրակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան համակարգեց այս ամրան ընկերամշակութային գործունէութիւնները։ Իր ձեռամբ գնահատագրեր ստացան հետեւեալ անունները.

Հրանդ Չիզմեճեան, Թաթիանա  Տեմիր, Թարա Ուլուչիւսթէր, Արամ Կոստանեան, Ժպիտ Իսքենտերօղլու, Քրիստին Տինչքայըքճը, Յակոբ Կիւլէչ, Թանիա Փաքէրթիք, Մելիսա Իփեքլի, Անիթա Իփեքլի, Միրնա Չոլաք, Երազ Օփան, Մելիսա Քէօսէօղլու, Մելիսա Ալթըքաթօղլու, Անդրանիկ Եշիլ, Եղիա Չալըշըր, Ժպիտ Թոփարլաք, Նորա Եըլտըրըմ, Լիզա Չոլաքօղլու, Մելիսա Ուլուք, Ռիմա Օհանեան, Նուարդ Յակոբեան, Սենիա Տաղլեան, Տիքրիս Պաքըրճըօղլու, Սուրէն Չանաքճը, Օննիկ Թավուքճու, Արատ Եըլտըրըմ, Եասեմին Զէյֆիեան, Էլիզապէթ Կէզ, Արեւ Նարին, Շահան Քիւչիւքպինկէօլ, Տանիէլ Խաչիկօղլու, Ալին Պըլտըրճըն, Քաան Եշիլթեփէ, Էրիք Խաչատրեան։

Երեկոյթի աւարտին փակման խօսք մը արտասանեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, որ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ամառուան ծրագրերուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018