ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարպետ լուսանկարիչ, «Պոլիս-Ֆօթօ» լուսանկարչական գործակալութեան տնօրէն Մկրտիչ Արծիւեան Մալաթիա մեկնած է՝ տեղւոյն վրայ հետեւելու համար ներկայ շաբաթավերջի պատմական իրադարձութիւններուն։ Ան այս առաւօտ մեզի հաղորդեց հետեւեալ մանրամասնութիւնները եւ թողարկեց այս լրատուութեան կցուած դրուագները։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ իսկապէս յատկանշական է այս շաբաթավերջը, երբ ոչ միայն մեր շրջանակներու, այլեւ երկրի հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Մալաթիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։ Այս առաւօտ Մալաթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ, որպէս «Թաշխորան» մշակոյթի կեդրոն նորոգուած Ս. Երրորդութիւն հայկական պատմական եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Փոքր Ասիոյ հայկական վաղեմի ներկայութեան տեսակէտէ կարեւոր խորհրդանշան մըն է այս համալիրի վերանորոգուած ըլլալը։ Քաղաքապետարանը այդ մէկը նախատեսած է՝ որպէս մշակոյթի կեդրոն եւ վերանորոգման ծրագիրը այս ձեւաչափին մէջ կեանքի կոչ-ւած է, սակայն, ուրախառիթ է, որ ան հարիւր տոկոսով պիտի չդադրի սրբավայր մը ըլլալէ։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ու տնօրինութեան ներքեւ, հնարաւոր պիտի ըլլայ այնտեղ պարբերաբար եկեղեցական արարողութիւններ իրականացնել՝ մանաւանդ, որ շրջանը տակաւին գաւառաբնակ հայերու տեսակէտէ ունի որոշ ձգողականութիւն մը, որքան որ ալ ներկայութիւնը անբաղդատելի ըլլայ անցեալի հետ։ Յիշողութեան վերակենդանացման եւ անոր ապագայի մէջ տեղ մը բնորոշելու խաչմերուկին վրայ առնուած ուշագրաւ քայլ մըն է այս մէկը։ Քաղաքապետարանի կողմէ՝ որպէս մշակոյթի կեդրոն վերանորոգուած համալիրի բացօթեայ տարածքէն ներս տեղադրուած են կարգ մը հին տապանաքարեր, որոնք հասած եւ մնացած են անցեալէն, թէեւ որոշ չափով կոտրած վիճակով։

Վերանորոգեալ համալիրի պաշտօնական բացման ընթացքին, այս առաւօտ, խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատուեցաւ ծափոյջոյններու ներքեւ։ Հաւաքոյթը պատուեց Մալաթիոյ կուսակալ Այտըն Պառուշ։ Բնականաբար ներկայ էր նաեւ գլխաւոր քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքան՝ նկատի ունենալով, որ վերանորոգութեան ու վերականգնման նախագիծը կեանքի կոչուած էր քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ այս յատկանշական ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էր։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ հովուապետական այցելութիւնով մեկնեցաւ Մալաթիա։ Ան օդակայանէն անմիջապէս առաջնորդուեցաւ իր իջեւանած «Ռամատա» պանդոկը եւ ժամանումէն վերջ ընդհանրապէս նախընտրեց հանգիստ առնել։ Արդարեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը այս ուղեւորութեան ձեռնարկած է՝ յետվիրահատութեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէ դուրս գալէ հազիւ օր մը վերջ։ Ան երէկ երեկոյեան իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընթրեց այս շաբաթավերջի արարողութեան մասնակից հոգեւորականներու հետ։ Իսկ այս օրուայ սկիզբին, Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանին։

Այս առաւօտեան պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան քաղաքապետը, կուսակալը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ «Մալաթիա-ՀԱՅՏԷՐ»ի նախագահ Նուրհան Կեզտիրիճի։ Հարկ է նշել, որ այս ամբողջ արդիւնքին մէջ կարեւոր դեր խաղացած են «Մալաթիա-ՀԱՅՏԷՐ»ի կողմէ գործադրուած ջանքերը։ Արարողութեան հրաւիրեալներու շարքին էր Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ատըեամանի մետրապոլիտը։ Քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանի ելոյթին ժամանակ զգացական պահեր ապրուեցան, երբ ան շեշտեց, թէ համալիրը կը գտնուի այն թաղամասին մէջ, ուր ծնած էր Հրանդ Տինք։ Ուստի, ձեռնարկը առիթ մը դարձաւ ոգեկոչելու համար նահատակեալ անմոռանալի լրագրողը։ Իր ելոյթին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած էին այս ծրագրի իրագործման համար։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս եկեղեցին կորուստէ փրկուած է, կանգուն մնացած է, որովհետեւ բազմաթիւ նմանները անհետացած են։

Այս առաւօտեան պաշտօնական բացման արարողութենէն վերջ, շաբաթավերջի ծրագիրը պիտի շարունակուի՝ առաւել չափով եկեղեցական-կրօնական արարողութիւններով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ու ձեռամբ յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենան Նաւակատիքի արարողութիւն եւ կ՚օծուին նորակառոյց Ս. Սեղանները։ Վաղը առաւօտեան ալ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի վերանորոգեալ այս եկեղեցւոյ մէջ։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021