«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻՆ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը վերջին օրերուն Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագրի մը արժանացաւ։ Նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ ստորագրուած է այս շնորհակալագիրը, որու յանձնումը կը յաջորդէ «Մարալ»ի Երեւանի վերջին ելոյթներուն։ Շնորհակալագրին վրայ նշուած է համոյթի նշանակալի աւանդը թատերական արուեստի ոլորտէն ներս եւ երկարամեայ խրախուսելի գործունէութիւնը, ինչ որ արժեւորուած է այս փուլին։

«Մարալ»ի անունով Երեւանի մէջ շնորհակալագիրը ստացած է Սարգիս Մենշուր՝ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի աշխատակազմէն Սարգիս Ալեքսանեանի ձեռամբ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2023