ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Գատըգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին թաղէն ծաւալուած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի կացութեան շուրջ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ եւ Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2019