ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ռամի Հաթանը։ Այս վերջինը քաղաքավարական այցելութեամբ Գումգաբու փութացած էր՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ տեղեկութիւններ քաղելու համար թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։

Ջերմ զրոյցի աւարտին հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ընդունելութեան համար, իսկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023