ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ, ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ար­քեպս. Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016, Չո­րեք­շաբ­թի օր կա­յա­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար Ժո­ղո­վի ո­րոշ­ման մա­սին, նոյն օ­րը զե­կոյց մը հրա­պա­րա­կուած էր Հա­մա­գու­մա­ր Ժո­ղո­վի դի­ւա­նի կող­մէ։

Կը յի­շեց­նենք թէ՝ Հան­րա­պե­տա­կան Շրջա­նին կա­տա­րուած վեր­ջին ե­րեք Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րու­թեանց (1961, 1990, 1998) գոր­ծըն­թացք­նե­րը յա­ռաջ տա­րուած են վախ­ճա­նեալ պատ­րիարք­նե­րու կող­մէ նշա­նա­կուած ոչ-ընտ­րեալ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Այ­սու կու գանք, հա­ղոր­դել թէ՝ Բարձ­րաշ­նորհ Սրբա­զան Հայ­րը, Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ նշա­նա­կուած էր Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հօր կող­մէ։ Ան­ցու­մա­յին այս շրջա­նին հա­մար, Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մա­րը Բարձ­րաշ­նորհ Սրբա­զան Հայ­րը Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ ընտ­րած եւ պաշ­տօ­նի կո­չած էր։ Նաեւ այս ընտ­րու­թիւ­նը ճա­նա­չում գտած էր պատ­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։ Ուս­տի նկա­տի ու­նե­նա­լով այս պա­րա­գան, Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մա­րը օ­րա­կար­գի նիւթ չէ դար­ձու­ցած վար­չա­կան այլ փո­փո­խու­թիւն մը կա­տա­րել։

Մեր ա­ղօթքն ու մաղ­թանքն է, մա­նա­ւանդ ան­ցու­մա­յին այս նոր շրջա­նին, Քրիս­տո­սա­ւանդ սէ­րը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը տի­րէ մեր բո­լո­րին սրտե­րէն ներս։ Կ՚ակն­կա­լենք մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ղօ­թակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը օժ­տուի մեր ա­ւան­դա­կան կա­նոն­նե­րուն հա­մա­ձայն ընտ­րուած նոր Պատ­րիար­քով։

                          ԴԻ­ՒԱՆ
  Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՄԱ­ԳՈՒ­ՄԱՐ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՅ

27 Հոկ­տեմ­բեր 2016
10947

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016