ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՎԱՌ ՋԱՀԸ

114 տարի…

Հայաշխարհի հնագոյն օրաթերթը, հայ մամլոյ նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ տարի մը եւս բոլորելով, պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը ապահովելով, եռանդով ու նուիրումով կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը։ Բերկրանքի արտասուք գլորելով մեր աչքերէն՝ կը նշենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 114-րդ տարեդարձը։

Աւելի քան դար մը շարունակ հայկական ինքնութեան, լեզուի, մշակոյթի պահպանութեան կոչը կ՚ուղղէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ուրոյն դիմագիծով։ 

Հայապահպանութեան ջատագով, հաւասարակշռուած, հայրենակեդրոն մտածելակերպով, ընթերցողի սիրտը շահելու ձգտումով՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իւրաքանչիւր տարեդարձը կարծես ըլլար հեքիաթի մը իրականութիւն դառնալը։ 

ԺԱՄԱՆԱԿ գոյութեան ողջ ընթացքին զանազան պատճառներով դէմ յանդիման մնացած է բազում դժուարութիւններու։ Այնուամենայնիւ, այդ փոթորկոտ իրավիճակներէն, հարուածներէն ձերբազատուելով, միշտ ուղղուած է դէպի նոր այգաբաց։ Միշտ շնչառութեան առիթ մը եղած է եւ թարմութիւն բերած՝ լրագրական ասպարէզէ ներս։ Աշխարհը միշտ դիտարկած է հայ ժողովուրդի կենսական շահերու պրիսմակէն։

Իր ծանրակշիռ դերակատարութեամբ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ունի կարեւոր հասարակական, քաղաքական, նաեւ մշակութային նշանակութիւն։ 

Անուրանալի է, որ անխոնջ ծառայութիւն մատուցած այսպիսի հաստատութեան մը 114 տարի գոյատեւելը, բառին բուն իմաստով, յաղթանակ մըն է։ Այդ յաղթանակի արժէքը կը բիւրեղանայ՝ նուիրումի ոգիով, միտքերու լուսաւորումով, խաւարի դէմ պայքարով, սկզբունքներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 114 տարուայ անխնայ ծառայութեան, վիթխարի զոհողութեան ու մեղուաջան աշխատանքին մէջ է գաղտնիքը անոր երկարակեացութեան ու յաղթանակին։ Իւրաքանչիւր հայ կրնայ հպարտանալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ով, որ համազգային արժէքի մը վերածուած է։ Իւրաքանչիւր հայ կրնայ համոզուիլ անոր կարեւորութեան ու կրնայ գոհունակութիւն զգալ՝ թափանցելով անոր ամէն օր մատուցած հարստութիւններու գանձին…

Անկեղծ մաղթանքս է, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը վայելէ տարեդարձի երջանկութիւնն ու խանդավառութիւնը՝ ողջունէ նորանոր յոբելեաններ ու տակաւին երկար շարունակէ վառ մնալ՝ որպէս հայ մամլոյ ջահը։ 

Լոյսդ փայլո՛ւն ու անշէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021