ԺԱՄԱՆԱԿ 116 ՏԱՐԵԿԱՆ
Երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք մեր հիմնադիրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խոնարհինք թերթիս բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ։ Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք թերթիս սիրեցեալ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք հայ մամլոյ նահապետին միակ ապաւէնն ու յենարանը կը հանդիսանան՝ հետեւելով մեր տպագիր տարբերակին, կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։ Կը վերահաստատենք անոնց նկատմամբ մեր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Յարատեւման յամառ պայքարի ճանապարհին կը շարունակենք մնալ վճռական ու պահպանել մեր յոյսը…
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ փակուղիին մէջ, ուր համատարած վարչական սնանկ մտայնութիւն կը տիրէ եւ ակնյայտ անիշխանականութիւն, այս տարուան մեր տարեդարձին առթիւ ուրիշ ոչինչ կ՚ըսենք, քանի համայնքային կեանքէն ներս խօսքր լրիւ արժեզրկուած է, միանշանակ։
JAMANAK 116 YAŞINDA
Kurucularımızı rahmetle anıyoruz. Tüm emektarlarımızın anısı önünde saygıyla eğiliyoruz. Tek dayanağımız ve güvencemiz olan; basılı edisyonumuzu, internet sitemizi ve sosyal medya hesaplarımızı izleyen sevgili sadık okurlarımıza minnet ve şükranlarımızı sunuyoruz. Onlara karşı olan sorumluluk duygumuzu teyit ediyoruz. Devamlılık mücadelesi yolunda kararlılığımızı sürdürmekte, umudumuzu korumaktayız.
Gözle görülür başsızlığın ve iflas etmiş yönetsel zihniyetin yaygın olarak hüküm sürdüğü Türkiye Ermeni toplumunun mevcut kaos ortamında, cemaat yaşamında sözün kategorik olarak değerini yitirmiş olması nedeniyle, bu yıl dönümümüzde söyleyecek başka hiçbir şeyimiz yok.