ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) վերատեսուչ Տքթ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխ-վերատեսուչ Աշոտ Ղազարեան երէկ իրենց երկօրեայ Իսթանպուլ այցելութեան շրջագծով բազմակողմանի շփումներ ունեցան մեր համայնքին հետ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, առաւօտեան կանուխ ժամերուն անոնք հասան Իսթանպուլ, ուր իրենք կը հիւրընկալուին Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP)Կրթական յանձնախումբին կողմէ։ Օրուան տեւողութեան իրենց ուղեկցեցաւ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք՝ յանուն հիւրընկալ յանձնախումբի։
Օրուան առաջին կէսին Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան իրերայաջորդ այցելեցին Մխիթարեան, Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարանները, իսկ աւելի ուղեւորուեցան Պատրիարքարան։ Անոնք Գումգաբուի մէջ տեսակցեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Հիւրերը յետմիջօրէին հասան Ֆէրիգիւղ, ուր «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ մինչեւ գիշերուան ժամերը շարուանկեցին իրենց ծրագիրը՝ հերթով տեսակցելով մեր մամուլի ներկայացուցիչներուն, իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու աշակերտներուն, նոյնպէս մեր հինգ լիսէներու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերէն ներկայացուցիչներուն եւ վարչայիններուն հետ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ երիտասարդներուն հետ կազմակերպուած հաւաքոյթին բերաւ իր մասնակցութիւնը։ Ֆէրիգիւղի մէջ հիւրերուն միացան նաեւ VADİP-ի կրթական յանձնախումբի համակարգող Նուրհան Փալաքօղլու եւ անդամներէն Փրոֆ. Արսէն Արշըք, Թամար Գարասու, ինչպէս նաեւ Ֆէրգիւղի թաղային խորհուրդէն Ազնիւ Մեծատուրեան։
Բոլոր շփումներուն ընթացքին անոնք շեշտեցին, որ ՀԱՀ-ի դռները լայնօրէն բաց են պոլսահայ երիտասարդներուն համար, ինչ որ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ անոնց առջեւ։
Տէր-Կիւրեղեան եւ Ղազարեան այսօր եւս կը շարունակեն իրենց շփումները, համայնքային շրջանակներուն առընթեր մէկտեղուելով նաեւ Թուրքիոյ զանազան համալսարաններու պատասխանատուներուն հետ։ Անոնք վաղը հրաժեշտ պիտի առնեն քաղաքէս։