ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Նաթալի Մարթինը։ Իր առաքելութեան նոր ձեռնարկած աւագ հիւպատոսը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեան փութալ Պատրիարքարան եւ տեղեկութիւններ ստանալ՝ Աթոռի գործունէութեան ու մեր համայնքային կեանքի մասին։
Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց աւագ հիւպատոսի այցելութեան կապակցութեամբ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Ան զրոյցի տեւողութեան ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան ու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ մեր համայնքային կեանքի ընդհանուր դրուածքին։ Ան-միջական խօսակցութեան մթնոլորտի մէջ նորին սրբազնութիւնը պատասխանեց նաեւ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Նաթալի Մարթինի զանազան հարցումներուն։
Հիւր աւագ հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։