ՔԱՐԱՑԱԾ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) 2017-2018 շրջանի առաջին ժողովը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին ընդհանրապէս օրակարգի վրայ եկան մեր համայնքի քարացած հիմնախնդիրները։

Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւեց VADİP-ի ժողովը, որու ընթացքին համայնքի աշխարհական վարիչները խորհրդակցեցան՝ արձակուրդի շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Պետրոս Շիրինօղլու ամփոփեց անցեալ ամիսներուն ապրուած իրադարձութիւնները եւ իր ունեցած բազմակողմանի շփումները։ Այդ բոլորի լոյսին տակ ան հերթական անգամ համայնքային վարիչներուն հետ բաժնեց իր կանխատեսումները։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ իր մօտեցումներուն եւ փոխանցած տեղեկութիւններուն վերահասու են Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները, մանաւանդ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ «Ես պատկան մարմիններու պատգամները մեր համայնքին փոխանցած եմ առանց աղաւաղելու, նոյնութեամբ, առանց ոչինչ աւելցնելու կամ պակսեցնելու։ Պետական մարմիններու հետ շփում ունենալու եւ մանաւանդ անոնց մօտեցումները համայնքին փոխանցելու պատասխանատուութեան ծանրութիւնը արդէն ինքնաբերաբար կը կանխէ այդպիսի հաւանականութիւնները։ Մինչեւ այսօր ես իմ ձեռքէս եկածը ըրած եմ։ Այսուհետեւ ինձմէ ոչինչ պիտի լսէք պատրիարքական ընտրութեան մասին։ Այլեւս մամուլին ալ տեղեկութիւն պիտի չփոխանցեմ։ Ես բոլորին տեղեկացուցած եմ, որ մեր խնդիրները այս պահու դրութեամբ կը գտնուին ներքին գործոց նախարարի սեղանին վրայ։ Միասնաբար պիտի տեսնենք, որ ինչ պիտի ըլլայ յառաջիկայ շրջանին», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու հաւաքոյթի ընթացքին։

Պատրիարքական ընտրութեան հարցին առընթեր, համայնքի աշխարհական վարիչները շօշափեցին նաեւ մեր հաւաքական կեանքի զանազան հրատապ խնդիրները։ Այդ բոլոր խնդիրները թէեւ հրատապ են եւ արդէն ունին բաւական վաղեմութիւն, յամենայնդէպս բոլոր հարթութիւններուն վրայ կ՚արծարծուին ամուլ, անպտուղ ձեւով։ Կարելի չ՚ըլլար համայնքէն ներս հասարակաց մօտեցումներ ձեւաւորել եւ գործնական հարթութեան վրայ դնել լուծման ջանքերը։ Երէկուան քննարկումներն ալ ընդհանրապէս նոյն երեւոյթը պարզեցին։ Պետրոս Շիրինօղլու հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի մեր համայնքը ցիր ու ցան չդառնայ եւ միասնականութեամբ հետամուտ դառնայ մեր բարդ խնդիրներու լուծման։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017