ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային ընտրութիւնները կը շարունակուին՝ բնորոշելով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Երէկ, Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս հերթական քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ։ Այս անգամ արդէն միայն այս ընտրաշրջանի սահմաններէն ներս ընտրութիւններ կային։ Անշուշտ, այս երեւոյթը հասկնալի է, որովհետեւ արդէն այս ընտրաշրջանէն ներս է, որ կը գտնուին մեր ամենաշատ թիւով հաստատութիւնները։ Ուրեմն, երէկ, մեր եւս վեց եկեղեցւոյ մատակարար մարմնի կազմը վերանորոգուեցաւ։ Այս անգամ 2477 հոգի փութաց քուէատուփի մօտ։ Մասնակիցներուն թիւը թէեւ անցեալ շաբթուան բաղդատմամբ քիչ մը նուազ է, սակայն այստեղ կան կարգ մը առարկայական պատճառներ։ Արդարեւ, մեր ընտրողներուն մօտ կրնայ յառաջացած ըլլալ որոշ չափով յոգնութիւն մը։ Երկրորդ՝ այս շաբաթ աւելի նուազ թիւով թաղային խորհուրդի համար ընտրութիւն նախատեսուած էր։ Եւ ի վերջոյ, այս անգամ միայն մէկ թաղի պարագային ընտրապայքար խնդրոյ առարկայ էր։ Այս բոլոր հանգամանքներուն ազդեցութեամբ ընտրութեան մասնակիցներուն թիւը եղաւ քիչ մը նուազ։ Յամենայնդէպս, քուէարկութեան մասնակից զանգուածը, ըստ էութեան, բաւարար է ընտրեալ վարիչներուն ներկայացուցչական հանգամանք ապահովելու տեսակէտէ։

Երէկ Ֆէրիգիւղի մէջ քուէարկեց 1117 հոգի։ Սամաթիոյ մէջ քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1002 հոգի։ Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս քուէատուփի մօտ փութաց 213 հոգի։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քուէ գործածեց 145 հոգի։ Այսպէսով չորս կէտերու վրայ տեղադրուած քուէատուփերը օրուան տեւողութեան բաց մնացին։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանի հասարակաց երկու ընտրական մարմիններէն՝ երէկուան քուէարկութիւնը վերահսկեց Սեւան Քասապօղլուի կողմէ գլխաւորուած խումբը։ Ամէն ինչ ընթացաւ կանոնաւոր ու խաղաղ։ Մինչ անցեալ շաբաթ բոլոր քուէները օրուան աւարտին կեդրոնացուած էին Ֆէրիգիւղի մէջ, այս շաբաթ արդէն այդ վայրը Սամաթիան էր։ Նկատելի է նաեւ, որ նախորդ շաբթուան քուէարկութեան բաղդատմամբ երէկ Ֆէրիգիւղի մէջ քուէարկողներու թիւը որոշ չափով պակսած էր, իսկ Սամաթիոյ մէջ քուէարկողներու թիւը աւելնալով՝ յաղթահարած էր հազարի սահմանը։

ՍԱՄԱԹԻԱ

Բ. ընտրաշրջանի գլխաւոր հայահոծ թաղերէն Սամաթիոյ մէջ երէկուան ընտրութիւնով առողջ հերթափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնեց Նուրհան Տավուլճեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը։ Ան արդէն նախկին կազմին մէջ ալ ունէր աշխոյժ դերակատարութիւն եւ ներկայիս այդ փորձառութեան հիման վրայ կը դառնայ ատենապետ։ Նուրհան Տավուլճեանի առընթեր Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմին մաս պիտի կազմեն թէ՛ նախկին շրջանէն քանի մը փորձառու դէմքեր եւ թէ նոր ուժեր։ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդը ձեւաւորուած է ըստ հետեւեալի.

Խաչիկ Էօզտեմիր, Սիրական Սելվիլէր, Նուրհան Տավուլճեան, Պելինտա Էօզչելիք, Լինտա Էօղրիւնչ, Դալար Ուսթաօղլու, Լիանա Պենլի, Արման Թոկաչ, Շահէն Թոքաթլըօղլու, Ալէատտին Ալկան եւ Կարապետ Եոնթան։

ԹՈՓԳԱԲՈՒ

Երէկուան ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին կազմը ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ անուններով.

Նուրհան Սուճուեան, Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլու, Նուարդ Նաֆիյէ Պարըն, Ալէն Թաշճեան, Արի Արզուման, Հիլտա Պոզ, Քրիս Իւրկիւփլիւօղլու, Նատին Վանլըօղլու-Թաշ, Էօզճան Նշան, Փերու Շիլա Մուրատօղլու-Պոշնաքեան, Սարգիս Մուրատ Սարըչոպան, Սարվէն Սըրատաղ, Սուզան Քըզըլքայա եւ Շարլոթ Պերճուհի Սարըչոպան։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՈՒՐՍ

Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմը երէկուան քուէարկութեան զուգահեռ ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Նազլը Տանաճըօղլու, Ռաֆֆի Կոպէլ, Արիֆ Քափլան, Քըղան Իւլիւթաշ, Արման Իւքելկէ, Պուրհան Իւլիւթաշ, Աքսէլ Ալաճահան, Մուրատ Քըր, Հայրիյէ Քափ, Էլիզ Իւլիւթաշ եւ Ժերմէն Պենլիօղլու։

ԵՆԻԳԱԲՈՒ

Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկուան ընտրութիւններով ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Հայրետտին Քարաման, Արամ Տեմիրճի, Արամ Ֆերահեան, Ղազարոս Արման Աքչէլեան, Խաչիկ Ինկիլիզօղլու, Ժիլպէր Քափ, Գարին Քութլու, Գարին Սունա, Մուրատ Տաղ, Նազլը Տանաճըօղլու եւ Սեսիլիա Տելկի։

ԷՅՈՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ

Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմն ալ երէկուան ընտրութիւններով վերանորոգուեցաւ ու ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ անուններով.

Արէտ Փափազեան, Սարվէն Տուրսուն, Սեւան Չոթուրօղլու, Արման Սարըկանեան, Անուշ Գարմէն Սար, Դալար Չընար, Սայաթ Մուրատօղլու, Գրիգոր Պաղա, Ալէն Փալանճը, Միրճան Ապա եւ Սեզար Մերտին։

Ընտրութիւններու արդիւնքը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի պատկան բաժանմունքին կը զեկուցուի պաշտօնապէս՝ ընտրական մարմնին կողմէ։ Այդ փուլէն վերջ արդէն ընտրեալ թաղականները պիտի սպասեն պետական վաւերացման՝ պաշտօնապէս ձեռնարկելու համար իրենց առաքելութեան։

Համայնքային ընտրութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ յաջորդ շաբաթավերջին՝ այս անգամ ընդգրկելով նաեւ Ա. ընտրաշրջանը՝ քաղաքիս Ասիական ափը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022