ՈՒՆՃԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երախտիքի խոր զգացումներով ոգեկոչեց բարեյիշատակ Ունճեան եղբայրները։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատրաստութեան Յիսնակի շրջանի առաջին կիրակիին, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալք Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան խօսեցաւ խրատական մը։ Յիշեցնելով անմիտ մեծատան առակը ան ըրաւ խորհրդածութիւններ։ Տէր հայրը բացատրեց, որ անձնակեդրոն կեանք ապրելու փոխարէն մարդ պէտք է որդեգրէ Աստուծոյ աչքին հարստանալու ճանապարհը։

Խրատականին մէջ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան մատնանշեց, թէ Ունճեան եղբայրներն ալ ընտրած էին այս ճանապարհը եւ իրենց հարստութիւնը ի սպաս դրած՝ ի նպաստ ազգային հաստատութեանց։ Անոնք կը ներկայացուին՝ որպէս Գատըգիւղի հետ նոյնացած բարերարներ, սակայն բացի այս թաղէն օժանդակած են Արմաշու դպրեվանքին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, Ազգային Կեդրոնական վարժարանին, Գալֆաեան որբանոցին, Ս. Երրորդութիւն եւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն, իրենց ժամանակաշրջանի սովելոց յանձնախումբի աշխատանքներուն։

Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան Գատըգիւղի ընտանիքին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Սաթի Մանկասարեան, որ միակ ի կեանս շառաւիղն է Ունճեան ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022