ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ ԾԱՓԵՐ
«Կոմիտաս» ներկայացումը կը շարունակէ գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան արժանանալ ամէնուրեք։ «Եոլճու» թատերախումբն ու Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը «Կոմիտաս»ի ներկայացումով երէկ հերթական ծափահարութիւններու արժանացան՝ այս անգամ մայրաքաղաքի մէջ։ Անգարայի գեղարուեստասէրները ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ ջերմօրէն ողջունեցին հերթական ներկայացումը։
«Եըլմազ Կիւնէյ» թատերասրահը, որ կը գործէ Չանքայայի քաղաքապետարանի հովանաւորութեան ներքեւ, երէկ բազմամարդ էր՝ Անգարայի թատերական փառատօնի փակման ձեռնարկին առթիւ։ Աւելի քան 300 հանդիսատես համախմբուած էր հետեւելու համար «Կոմիտաս»ի ներկայացման։ «Եոլճու» թատերախումբի եւ Լուսաւորիչ երգչախումբի համագործակցութիւնը տուաւ հերթական ողջունելի պտուղը։ Ծափահարութիւններու տարափի ընդմէջէն բիւրեղացաւ, որ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Լուսաւորիչ երգչախումբի յաղթարշաւը կը շարունակուի այս ծրագրին շրջագծով։
Հանդիսատեսներու շարքին էին Թուրքիոյ Բազմաձայն երգչախումբերու միութեան նախագահ Մուսթաֆա Ափայտըն, որ Լուսաւորիչ երգչախումբին հետ ունի սերտ կապեր, ինչպէս նաեւ «Կազի» կրթութեան համալսարանի դասախօսներ, «Ֆուայէ Անգարա» խումբէն արուեստագէտներ։ Բաց աստի, սրահին մէջ էին նաեւ Անգարայէն շուրջ 15-20 կաթողիկէ հայեր, որոնք եւս Լուսաւորիչ երգչախումբը ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցին։
Թէեւ ներկայացման աւարտին հնչած ծափահարութիւնները մեծ արժէք ունէին, սակայն, Անգարայի ելոյթին ձեռքբերումները այդքանով սահմանափակ չէին Լուսաւորիչ երգչախումբի պարագային։ Արդարեւ, փառատօնին առթիւ հրատարակուած մասնաւոր գրքոյկին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած էր թէ՛ «Կոմիտաս» ներկայացման, թէ՛ «Եոլճու» խումբին եւ թէ Լուսաւորիչ երգչախումբին։ Յակոբ Մամիկոնեան եւ սաները արդէն վառ տպաւորութիւն ունեցան՝ հանդիսատեսին կողմէ դահլիճի երդիքին տակ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին մէջ։ Անոնք այդ տպաւորութիւնները բաժնեցին նաեւ՝ թատերախումբի վարիչներուն կողմէ կազմակերպուած հարցազրոյցին ընթացքին, որ յաջորդեց ձեռնարկին։ Ներկայացման վերաբերեալ իրենց դրական զգացումները բաժնելու առընթեր, խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան եւ երգչախումբի անդամները խորհրդածութիւններով հանդէս եկան «Կոմիտաս» ներկայացման շուրջ։ Անոնք մասնաւորապէս մեկնաբանեցին նաեւ այս ծրագրին առանձնայատկութիւնը, քանի թատերախումբի եւ երգչախումբի համատեղումն է՝ արձանագրուած յաջողութեան գաղտնիքը։ Անշուշտ, այդ կէտին վրայ կային աշխատանքային եւ ստեղծագործական բազում նրբութիւններ, որոնց վերաբերեալ վկայութիւններ փոխանցեցին Լուսաւորիչ երգչախումբի ներկայացուցիչները։
Հարկ է նշել, որ հանդիսատեսները երէկուան ձեռնարկին կապակցութեամբ ողջունելի գրառումներով ալ հանդէս եկած են ընկերային ցանցերու վրայ։