ԶԻՊԷՉ-Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՈԳԵՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐԸ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քի Ա­մա­նո­րի խրախ­ճան­քը։ Շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն Մկրտիչ Սէրթ­շիմ­շէք, Ժի­րայր Տաղ­տե­ւի­րէ­նէլ  եւ Կար­պիս Փո­լատ, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա, ԶԻ­ՊԷՉ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Հարկ է նշել, որ ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր Սիլ­վա Թրի­քա­յի ջան­քե­րով։ Ան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը եւ ընդգ­ծեց, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը միշտ խրա­խու­սած է ԶԻ­ՊԷՉ-ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ այս միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը մշտա­պէս նոր հո­րի­զոն­ներ կ՚ու­րուագ­ծէ ԶԻ­ՊԷՉ-ի առ­ջեւ։

Ան խո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հա­մայն­քա­յին այն բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ա­ջակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ կը դարձ­նեն ԶԻ­ՊԷՉ-ի տղա­քը։ Խօս­քի ա­ւար­տին Սիլ­վա Թրի­քա բո­լո­րին ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Նոր տա­րուայ եւ Սուրբ Ծննդեան առ­թիւ։

Տօ­նա­կան հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան տղա­քը զուար­ճա­ցան հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Կա­ղանդ պա­պու­կին սրահ ժա­մա­նե­լը ա­ռա­ւել եւս խան­դա­վա­ռեց զի­րենք։ Ա­նոնք ստա­ցան ի­րենց նուէր­նե­րը եւ Նոր տա­րուան առ­թիւ հեր­թա­կան ան­գամ ա­ռար­կայ դար­ձան ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու գուր­գու­րան­քին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016