ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Պատրիարքական Աթոռը երէկ ծաւալուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ ընտրական հարցերու շուրջ։ Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ՝ անցեալ շաբաթ, Երեւանի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ սարքուած մամլոյ ասուլիսի լոյսին տակ։ Եթէ անցեալ շաբթուան մամլոյ ասուլիսը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ վերջնագիր մըն էր՝ ուղղուած Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին, ապա երէկուան յայտարարութիւնն ալ կը համարուի փոխադարձ վերջնագիր մը։ Սա ալ, իր հերթին, տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերջնագիրն է՝ ուղղեալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։

Նկատի ունենալով, որ անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեկնաբանած էր պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ փակուղին՝ Գումգաբուի կողմէ յարմար դատուած է հանրային կարծիքը լուսաբանել այլ տուեալներով։ Յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը։ Ուշագրաւ է, որ Գումգաբուի աղբիւրները այդ յայտարարութիւնը համայնքային մամուլին չեն տրամադրած առանց խտրականութեան եւ մենք այդ մէկուն տեղ կու տանք՝ քաղելով Պատրիարքարանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած տեղեկութիւններէն։

Թէ՛ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւնները եւ թէ Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած երէկուան լուսաբանութիւնը կու գան յայտնի դարձնել, որ 2018 թուականին եւս թրքահայ իրականութեան թիւ 1 խնդիրը պիտի ըլլայ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցը։ Հակադիր եւ անհաշտ տեսակէտները սկսած են հետզհետէ աւելի սաստկութեամբ բախիլ հանրային կարծիքին առջեւ եւ այս երեւոյթը բնականաբար մեր համայնքէն ներս յոռետեսութիւն կը յառաջացնէ՝ առկայ խնդիրներու յաղթահարման տեսանկիւնէն։

Ցաւալի է դիտարկել, որ խնդիրները որքան որ կը խորանան՝ տարաձայնութիւններն ալ այնքան կ՚արմատաւորուին։ Ցայսօր քանիցս գործնականօրէն ապացուցուած է, որ ընտրութեան առկայ փակուղիի յաղթահարման հիմնական նախադրեալներէն մին է Աթոռի սրբազաններու միջեւ համերաշխութիւնը եւ եղբայրութիւնը, մանաւանդ համագործակցութեան ոգին։ Սա կ՚ենթադրէ մէկզմէկու իրաւունքին նկատմամբ յարգանք, զոհողութիւն եւ ամենակարեւորը՝ կամք։ Մեր սրբազաններուն միջեւ ներկայիս դժբախտաբար այդ բոլորը գոյութիւն չունին։ Բոլորն ալ ունին իրենց հերթին յարգելի արդարացումներ։ Այդ բոլորը հասկնալի են։ Հասկնալի է նաեւ, որ պատրիարքական ընտրութեան առկայ փակուղին կը յառաջացնէ լարուածութիւն, կը մաշեցնէ անոնց յարաբերութիւնները։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք պէտք է ճար մը գտնեն ներկայ փակ շրջանը յաղթահարելու համար։ Եթէ Աթոռի սրբազաններուն միջեւ չըլլայ նուազագոյն ներդաշնակութիւն մը, ապա Պատրիարքարանի կողմէ մեր համայնքին ուղղուած միասնականութեան կոչերն ալ ինքնաբերաբար անխուսափելիօրէն կ՚իմաստազրկուին։ Յայտարարութիւնները կամ լուսաբանութիւնները որքան որ ալ խիստ ոճ ունենան, որքան որ ալ սուր ըլլան եւ կամ անոնց բովանդակած տեսակէտները որքան որ ալ համոզիչ ըլլան, բնականաբար, ունին նշանակութիւն մը կամ ազդեցութիւն մը, սակայն վերջին հաշուով լուծում ապահովելիք գործօնը պիտի ըլլայ համագործակցութեան ոգին։ Մեր համայնքէն ներս առկայ պառակտումը ներկայիս այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ զարմանալի չէ Աթոռի սրբազաններու յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակը։

Հուսկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի միջեւ ծագած ներկայ սուր բանավէճը հերթական անգամ կու գայ արձանագրել, որ ամէն բանէ առաջ հարկաւոր է պաղարիւնութիւն՝ պատրիարքական ընտրութեան առկայ փակուղիէն դուրս գալու համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017