Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական տօնակատարութիւնը։ Այս առթիւ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ համախմբուեցան հոգաբարձութեան անդամները, բժշկապետը, հաստատութեան յարակից յանձնախումբերու անդամները, բժշկական կազմը, մասնագիտական անձնակազմը, մնայուն բնակիչներն ու պաշտօնէութիւնը։

Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան մատնանշեց, որ 2018 թուականը աւարտին կը հասնի իր դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով։ Ատենապետ Շիրինօղլու Նոր տարւոյ առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց բոլորին։

Երեկոյթի տեւողութեան երաժշտական յայտագիր գործադրեց Վահան Յակոբեան, մինչ ընթրիքի մասնակիցները միասնաբար ճաշակեցին աւանդական անուշապուրը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018