ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ՎԱՍՏԱԿ…
Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» գեղարուեստասրահի երդիքին տակ համախմբուեցան եզակի ձեռնարկի մը առթիւ։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ վարպետ Ժուլիա Մութլու նշեց իր գեղարուեստական գործունէութեան 50-ամեակը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Յոբելենական ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Արլէթ Ինճիտիւզէնի հանդիսավարութեամբ։ Պարքովիզիոնի ցուցադրութիւնով մը հանդիսատեսները վերյիշեցին Ժուլիա Մութլուի երկարամեայ գործունէութեան առանցքները։ Ծրագիրը կը բաղկանար երկու մասէ։ Առաջին բաժնին մէջ տեղի ունեցաւ Ժուլիա Մութլուի եւ Ժանին Փափազեանի ջանքերով պատրաստուած 130 հայկական ազգագրական տարազներու տողանցք մը՝ 43 հոգիէ բաղկացեալ պարախումբի անդամներուն կողմէ։ Երկրորդ բաժնին մէջ հայկական աւանդական հարսանիքէն դրուագներ եւ այլ պարեր ներկայացուեցան հանդիսատեսներուն։ Այս փուլին խոր տպաւորութիւն գործեց մեներգչուհի Թաթիանա Պոստան։
Ժուլիա Մութլու բեմին վրայ երախտագիտութիւն յայտնեց իր բազմամեայ գործունէութեան ճանապարհի ընկերներուն եւ համակիրներուն։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ բարձր գնահատեց Ժուլիա Մութլուի եւ Ժանին Փափազեանի ողջունելի համագործակցութեամբ թրքահայ ընկերամշակութային կեանքէն ներս ապահոված ձեռքբերումները։