ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵՐ

Գաւառի հոգեւոր տեսուչ եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս տարեմուտի առթիւ շարք մը այցելութիւններ տուաւ՝ իրեն վստահուած շրջանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները իրեն ընկերացան այս այցելութիւններուն ընթացքին։ Տէր հայրը այս ամբողջին մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Անատոլուի պապական նուիրակի փոխանորդ Մոնս. Անթուան Ըլկըթի հետ։ Անմիջական զրոյցի աւարտին փոխանակուեցան յուշանուէրներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024