ՈՐԱԿԵԱԼ ՊԱՐՈՔ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

Հար­պի­յէի Սէն թ՚Էսփ­րի լա­տի­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րոք հա­մերգ մը։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին Հեն­տե­լի, Վի­վալ­տիի եւ Փեր­կո­լէսի գոր­ծե­րը։

«Քո­րիս­թան­պուլ» սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բի ընկերակ­ցութեամբ՝ Ար­տա Ար­տա­շէս Ա­կօ­շեան, Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեան եւ Քաան Պուլ­տու­լար հան­դէս ե­կան՝ ար­ժա­նա­նա­լով ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ջերմ ծա­փե­րուն։

Հարկ է նշել, որ ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր «Փոինթ»ի կողմէ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016